2014-04-24 13:39:37

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի 24 Ապրիլի քարոզը` ''Չվախնալ ուրախութենէն''


Հինգշաբթի, 24 ապրիլի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզը կեդրոնացուց օրուայ Աւետարանի ընթերցումին վրայ՝
''Յարուցեալ Յիսուսի երեւումը առաքեալներուն''։
Նորին Սրբութիւնը ըսաւ. ''Առաքեալները փոխանակ հրճուելու Յարուցեալ Յիսուսը տեսնելով, վախի մատնուեցան ու չճանչցան իրենց վարդապետը։
''Յիսուս, փորձեց հասկցնել առաքեալներուն թէ իրենց տեսածը ճշմարտութիւն է'' եւ թէ ինք կ'ուզէ զիրենք առաջնորդել՝ Յարութեան ուրախութեան ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը ու շարունակեց` ''Առաքելաները չկրցան հաւատալ Յարուցեալ Յիսուսին որովհետեւ անոնք վախցան ուրախութենէն''։
''Ասիկա – ըսաւ Սրբազան Հայրը - Քրիստոնեաներու հիւանդութիւնն է՝ վախնալ ուրախութենէն, Յիսուս յարութիւն առաւ, մեր մօտ կը գտնուի, բայց՝ կը վախնանք Անոր մօտենալէն, նախընտրելով տխրութիւնը''։
Քարոզի աւարտին, Ֆրանչիսկոս Պապը ըսաւ. ''խնդրենք Տիրոջմէ, որ մեր մտքերը լուսաւորէ, որպէսզի կարենանք հասկնալ, թէ Ինքը կենդանի Ճշմարտութիւն է, մեր մօտը կը գտնուի եւ մեզ կ'առաջնորդէ։
''Հայցէնք Տիոջմէ շնորհքը՝ ուրախութենէն չվախնալ'' եզրափակեց Սրբազան Հայրը։







All the contents on this site are copyrighted ©.